2014-05-20 13:07:10

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 20 մայիսի քարոզը` ''Ճշմարիտ խաղաղութիւնը՝ Սուրբ Հոգին է''։


Երեքշաբթի, 20 մայիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի՝ ''Յիսուսի մեկնումէն առաջ, առաքեալներուն տուած խաղաղութեան մասին''։
Ֆրանչիսկոս Պապը, նշմարել կուտայ, թէ Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը բոլորովին տարբեր է՝ աշխարհի տուած խաղաղութենէն որ մակերեսային եւ ժամանակաւոր է եւ ուրախութիւն չի պատճառեր։Ան ապա կեդրոնանալով երկրային ՝ սնապարծութենէ եւ տիրապետութենէ բխած խաղաղութեան վրայ եւ օրինակներ բերելով Աւետարանէն, հաստատեց, թէ ''այս բոլորը ժամանակաւոր են, մինչ՝ միակ, իսկական եւ ճշմարիտ խաղաղութիւնը՝ Յիսուսի պարգեւած խաղաղութիւնն է, որ է Անձ մը` Սուրբ Հոգին։Եւ երբ՝ Սուրբ Հոգին կրենք մեր սրտերուն մէջ ոչ մէկը կարող է զայն խլել մեզմէ։
Քարոզին աւարտին Սրբազան Հայրը բացայայտեց, թէ այս խաղաղութիւնը կը ստանանք մկրտութեան խորհուրդով ու յատկապէս Դրոշմի խորհուրդով, զայն կը ստանանք այնպէս ինչպէս մանուկ մը նուէր մը կը ստանայ, առանց նախապայմանի, բաց սրտով։ Եւ Սուրբ Հոգին պէտք է պահպանենք որպէս Աստուծոյ մեծ պարգեւ մը։
Եթէ դուք ունենաք Հոգիին խաղաղութիւնը, եթէ Սուրբ Հոգին ունենաք ձեր մէջ եւ գիտակից էք այս իրողութեան, ձեր սիրտը չի խրովիր։ Այս է Յիսուսի խաղաղութիւնը։ Սուրբ հոգւոյն ներկայութիւնը մեր սիրտը խաղաղ կը դարձնէ։ Այն խաղաղութեամբ որ միայն Աստուծոյ ներկայութիւնը կարող է պարգեւել – եզրափակեց Ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.